2012-05-04 13:03:44

Հռոմ։ Մշակութային Հանդիպում <<Միջին Արեւելքի Քրիստոնեաներու դերակատարութիւնը Արեւելքի ու Արեւմուտքի երկխօսութեան մէջ>> Նիւթին Մասին։


Ուրբաթ 4 Մայիսի յետ միջօրէին ( ժամը 17ին) Հռոմի Մարոնիներու Վարժարանի մէջ տեղի կ՛ունենայ Մարոնիներու Մշակութային Օրերու երկրորդ հանդիպումը որ ունի որպէս նիւթ <<Միջին արեւելքի Քրիստոնեաներու դերակատարութիւնը Արեւելքի ու Արեւմուտքի երկխօսութեան մէջ>>։ Հանդիպումի ընթացքին ելոյթ կ՛ունենան Կարտինալ Ժան Լուի Թոռան` Միջկրօնական երկխօսութեան Քահանայապետական Խորհուրդի նախագահը, որ կը զեկուցէ <<Եկեղեցին Միջին արեւելքի մէջ- Տիեզերական եկեղեցւոյ ակնկալիքները Իսլամական աշխարհի երկխօսութեան մէջ եւ մարդկային ու կրօնական արժէքներու համեմատութիւնը>> ։Խօսք պիտի առնէ նաեւ Պէյրութի Մարոնի Եկեղեցւոյ Արքեպիսկոպոսը գերապայծառ Փոլ Մագար որ պիտի անդրադառնայ <<Արաբական գարունը եւ քրիստոնեաներու դերը>> նիւթին. մինչ իսլամական աշխարհի մասնագէտ հայր Սամիր Խալիլ Սամիրը իր զեկոյցը կը կեդրոնանցէ << Միջին արեւելքի կրօնական ինքնութիւնը. Մերձաւոր արեւելքի բնակչութեան օրհնութիւն թէ անէծք։>> նիւթին վրայ։








All the contents on this site are copyrighted ©.